2013-12-20 11:49:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը`


Ուրաբթ, 20 դեկետմբեր, առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի ''Ռէտէմթորէս Մաթէր'' Մատրան մէջ, մասնակցեցաւ Յիսնակաց շրջանի առթիւ, Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսայի ներկայացուցած երրրոդ ու վերջին մտածականին։
Հայր Քանդալամեսսան որպէս 2013-ին Յիսնակացի խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է ''Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ընկերակցութեամբ դէպի Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը'' նիւթը, իսկ վերջին մտածականին ընթացքին խորհրդածեց` ''Քրիստոսի եւ Ֆրանչիսկոսի աղքատութիւնը'' նիւթին մասին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 9,45-ին ընդունեց Հնդկաստանի ու Նէփալի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Սալվաթորէ Բէննաքիօ, ապա Լորէթոյի Սրբավայրի Քահանայապետական յատուկ պատուիրակ գերապայծառ Ճովաննի Թոնուչչի, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Կանայի հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նոր նշանակուած դեսպան` Տիար Ժէյմս Պէպաաքօ Մէնաշ, հուսկ Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանի դասատու` Բրօֆ. Իլարիա Մորալին։

Սրբազան Քահանայապետը ժամը 11,30-ին Քլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ հանրապետութեան դիւանագիտական արարողակարգի պաշտօնեաներուն եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարամգրուած Իտալիոյ դեսպանութեան պաշտօնատարներուն։ Իսկ ժամը 12,15 անց, Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ Բանուորական շարժումի ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' անդամ` 65 երիտասարդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.